2011-02-22 13:51:46

Կաթողիկէ Դաստիարակութեան Ժողովի Քարտուղարին Ելոյթը`


՜՜Ուսումնասիրել Ուղղեցոյց Մը Սահմանելու Համար Կաթողիկէ Դպրոցին Նկարագիրն Ու Կոչումը''։
Վատիկանի մէջ , փետրուար 7-9, տեղի ունեցաւ կաթողիկէ դաստիարակութեան ժողովի լիանիստ գումարը, որուն աւարտին ժողովին քարտուղարը գերապայծառ Ժան Լուի Պրիւկէ` մամուլին հետ ելոյթ ունեցաւ եւ որուն ընթացքին յայտնեց թէ վաւերաթուղթ մը կը պատրաստուի լաւագոյնս դիմագրաւելու արդի ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու վտանգներն ու մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ սահմանելու կաթողիկէ դպրոցներու նկարագիրն ու կոչումը։
Ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու մասին խօսելով գերապայծառ Պրիւկէն ըսաւ . ՜՜հարկաւոր է տեսնել հաղորդակցութեան նոր միջոցներու դրական երեւոյթները։ Այդ միջոցները կը մնան տեխնիքական, ուստի կարեւոր է որ տեխնիքը չտիրապետէ անհատին վրայ, եւ ուստի հարկաւորութիւնը՝ հասուն դարձնելու նոր սերունդը կատարելու իր նախընտրութիւնները ։
Գերապայծառ Պրիւկէն յայտնեց թէ աշխարհին մէջ աւելի քան 50 միլիոն երիտասարդներ կը յաճախեն 250 հազար կաթողիկէ կրթական հաստատութնները։ Ան իր համոզումը յայտնեց թէ կաթողիկէ կրթական կեդրոնները յաճախող աշակերտ-ուսանողները, ինչ կրօնի որ ալ անոնք պատկանին, պարտին ունենալ մշակութային կաթողիկէ կազմաւորում։








All the contents on this site are copyrighted ©.